2016-06-17 14:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապի լսատեսողական պատգամը`''տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն'' հաստատութեան


(Ռատիօ Վատիկան)  Ուրբաթ, 17 յունիս 2016-ին, Վատիկանի Ռատիոկայանի դահլիճին մէը տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, եւ որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Տառապող եկեղեցւող օգնութիւն ՝՝ հաստատութեան ՝՝եղիր Աստուծոյ ողորմածութիւնը խորագիրը կրող միջազգային դրամահաւաքի ձեռնարկի քարոզարշաւը, որ սկիբզ կ՝առնէ  17 յունիսին եւ վերջ պիտի գտնէ 4 հոկտեմբեր 2016-ին։

Նշենք, թէ դրամահաւաքի հասոյթով, բոլոր աշխարհի մէջ պիտի իրագործուին բարգեգործական ծրագիրներ։

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հեռարձակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի լսատեսողական պատգամը,  որուն մէջ Սրբազան հայրը  յորդոր ուղեց բոլոր բարի կամք ունեցող այր մադրոց  ու կիներուն, իւրաքանչիւր քաղաքի, թեմի, ինչպէս նաեւ ընկերակցութիւններուն մէջ իրագործելու ողորմածութեան ձեռնարկներ ընդգծելով՝ թէ մենք կարիքը ունինք Աստուծոյ Ողորմածութեան, սակայն՝ կարիքը ունինք նաեւ մեր ողորմածութեան, այսինքն՝ կարիքը  ձեռք տալու,    շոյելու եւ մէկը միւսին խնամք տանելու,  որպէսզի հակամարտութիւնները դադրին։

Ֆրանչիսկսո Պապ ապա յայտնեց,  թէ իր ձեռքերուն մէջ ունի ՝՝Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն՝՝ թղթածրարը, որ  քահանայապետական ձեռնարկ մըն է,  իրագործելու համար բոլոր աշխարհին մէջ ողորմածութեան աշխատանքներ, ապա՝ տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութեան յանձնեց պարտկանութիւնը՝ զայն յառաջ տանելու,  Հայր Werenfried van Straaten ժառանգած հոգիով, որ յղացած է  այն տեսլականութիւնը՝ աշխարհին մէջ  իրագործելու  մօտիկութեան , բարիութեան,  սիրոյ եւ Ողորմածութեան ժեսթեր։

Ասոր համար ըսաւ Սրբազան Հարը բոլորդ կը հրաւիրեմ  ՝՝Տառապոյ եկեղեցւոյ օգնութիւն՝՝ հաստատութեան հետ  համագործակցութեամբ համայն աշխարհին մէջ իրագործելու՝ ողորմածութեան ձեռնարկներ , որ ըլլան  կայուն, ու ընդառաջեն աշխարհին մէջ բոլոր  կարիքներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ լսատեսողական պատգամի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, իրենց կատարած բոլոր գործերուն համար եւ քաջալերեց  չի վախնալու ողորմութենէն, հաստատելով՝ թէ  Ողորմածութիւնը Աստուծոյ շոյանքն է ։

Արժանի է յիշել նաեւ,  թէ դրամահաւաքի ձեռնարկի առաջին բարերարներէն  մին հանդիսացած է Ֆրանչիսկոս Պապը,  նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելով Էրպիլի մէջ բուժարանին , որուն  խնամակալութեան տակ կը գտնուին 2800 տեղահանուածներ՝ առանց կրօնական խտրականութեան։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցան նաեւ  Վատիկանի մամլոյ գրաենեակի տնօրէն հայր Ֆետերիօ Լոմպարտին, ՝՝Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն՝՝ հաստատութեան նախագահն ու քարտուղարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.